2012-05-26 13:08:17

Մարեմեան Խորհրդածութիւն
Պատրաստեց` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւոր Մայր։


Սեւանայ Տիրամայրը
(1692- Սեւան Հայաստան)
Մխիթար Սեբաստացի, Սեբաստեան լքած կը հասնի Սեւանայ կղզի, միշտ, վանական կեանքի փնտռտուքով...։ Ան վանական կեանք կÿապրէր... նոյնպէս բոլոր վանականները կÿապրէին Աղօթքի, ծոմապահութեան կեանք... բայց, երեւի, այդ բոլորը աւելի ձեւականութիւն էր, կը պակսէր «հոգին»։ Եւ Մխիթար կը փնտռէր վանականի իսկական հոգին ու կեանքը՝ Աստուծոյ Միութեան կեանքը...։
Երկար ժամանակ փնտռտուքի կեանքէ վերջ, կը դիմէ Սուրբ Աստուածամօր նկարին՝ լաց ու Աղօթքով... Երկար ժամանակ, յոգնած հոգեկանով. Մխիթար՝ երբ այլեւս ուժասպառ կը զգայ ինքզինք, Աստուածամայրը՝ երկու կոյսերու ընկերակցութեամբ կը յայտնուի Մխիթարի... Մխիթարի սիրտը աննկարագրելի ուրախութեամբ կը լեցուի...
Կոյսը կը մօտենայ, հարց կու տայ Մխիթարի, ի՞նչ կÿուզես...
Մխիթար կը պատասխանէ. ¬ Այն ինչ որ դուն կÿուզես Տիրուհիս...
Տիրամաղրը կը պատասխանէ «Եղիցի».։
Մխիթարը կը սթափուի եւ այն օրը կը սկսի հիմնել Մխիթարեան Միաբանութիւնը։

Մխիթարեան Հայրերու Մայրավանքը կը գտնուի Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի Սուրբ Ղազար Կղզիի մէջ...։

Մխիթարեան Հայրերու երեք հարիւրամեայ գործունէութիւններու արդիւնքները՝ այսօր տարածուած են զանազան երկիրներ... Մխիթարեան Հայրերը՝ իրենց Հիմնադիր Հօր հոգին կÿապրին ու գործունէութիւնը կը շարունակեն մինչեւ այս օրերս, իրագործելով Սուրբ Կոյսի «Եղիցին»...։








All the contents on this site are copyrighted ©.